2015-11-12 11:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը` Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահին։


(Ռատիօ Վատիկան) Աշխարհականներու կոչումին ու անոնց առաքելութեան մասին հրատարակուած Վատիկանեան ''Apostolicam actuositatem'' վաւերագիրի 50-րդ տարեդարձին առթիւ Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդը կազմակերպած էր  ուսումնաժողով մը նախագահութեամբ Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Սթանիզլաւ Ռիլքոյին որուն Սրբազան Հայրը պատգամ մը յղած է ողջունելով ուսումնաժողովին բոլոր մասնակիցները եւ ընդգծելով 50 տարի առաջ գումարուած Վատիկանեան Բ Ժողովի կարեւորութիւնը ու անորմէ յառաջ բխած նորութիւնները` հայող նաեւ աշխարհականներու դերին եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։

''Վատիկանեան ժողովը աշխարհականները չի նկատեր երկրորդ դասակարգի անդամներ այլ` անոնց Մկրտութեան խորհուրդի զօրութեամբ, որպէս Քրիստոսի աշակերտներ որոնք կանչուած են ոգեւորելու իրենց շրջանակն ու միջավայրը աւետարանի հոգիով,  այն վայրերուն մէջ տանելով լոյս, յոյս եւ Քրիստոսի սէրը'' գրեց Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ ապա նշեց Վատիկանեան Բ Ժողովի աշխարհականներու մասին վարդապետութեան սատարը ի սպաս Եկեղեցւոյ զարգացումին հաստատելով թէ այդ ժողովը այսօր եւս կը հարցաքննէ հովիւներն ու աշխարհականները որպէսզի առօրեային մէջ իրագործեն Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած նորութիւնները` քրիստոնէական կեանքէն ներ։

Սրբազան Քահանայապետը պատգամը եզրափակեց հայցելով Աստուածածնայ Հովանին որպէսզի վերոյիշեալ ուսումնաժողովը հանդիսանայ խթան բոլորին, համայն աշխարհ տարածելու Քրիստոսի լոյսը։ Ապա բոլոր ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար ու շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.